Dil Hakları İzleme Belgeleme ve Raporla Ağı (DHİBRA) bileşeni 99 örgüt, kurum, platform 21 Şubat Dünya Anadili Günü dolayısıyla Türkiye'de var olan 19 anadil ile ilgili taleplerini duyurdu.
Rapordaki diğer 18 anadili için tıklayın
19 anadilde yapılan açıklamanın Ermenicesi şöyle:
1999 թուականի նոյեմբերի 17-ին ՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ յայտարարուած 21 փետրուար Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուայ առթիւ որպէս իրենց մայրենի լեզուի իմաստի և կարեւորութեան համար զգայնութիւն ունեցող քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներ, 2021 թուականին եւս համախմբուեցանք ներկայացնելու համար մեր պահանջները:
Թուրքիոյ հարստութիւնը եղող բոլոր մայրենի լեզուներու եւ լեզուական բազմազանութեան բոլորի կողմէ որդեգրուիլը եւ սատարուիլը, մեր տարաձայնութիւններու հետ միասին խաղաղ ապրելու երաշխիքն է: Լեզուական իրաւունքներու առջեւ խոչընդոտներու ոչնչացումը անհրաժեշտ է ժողովրդավարութեան համար: Մեծ պարտականութիւններ կ'իյնան պետութեան, հասարակութեան եւ անհատներու վրայ, որոնք պէտք է զգայուն ըլլան այս հարցի մէջ:
Մենք համոզուած ենք, որ պէտք է աջակցիլ բոլոր այն անհատներու եւ հաստատութիւններու՝ ընդունելով երկրին մշակութային հարստութեան իրենց բերած ներդրումը, որոնք մեծ զոհողութեամբ կ'աշխատին սկսեալ ոչնչացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներէն, Թուրքիոյ տարբեր լեզուներու գոյատեւման համար:
Որպէս բաղադրիչները՝ Լեզուական Իրաւունքներու Վերահսկման,Վաւերացման եւ Տեղեկագրման Ցանցի այս ծիրէն ներս կոչ կ’ընենք՝
1. Մայրենի լեզուն սորվելու և հասարակական դաշտի մէջ կիրառման համար պէտք է կատարուին աւելի ազատական, իրաւական եւ վարչական կարգադրութիւններ և առկայ կարգադրութիւնները պէտք է իրականացուին անկաշկանդ և վճռական ձևով:
2. Անհրաժեշտ է շօշափելի քայլերու ձեռնարկել ոչնչացման վտանգի տակ գտնուող լեզուները պաշտպանելու ուղղութեամբ, այս նիւթի վրայ աշխատող քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներուն պէտք է շտապօրէն աջակցիլ:
3. Երկրի մէջ գործածուող տարբեր մայրենի լեզուներու վերաբերեալ համալսարաններու մէջ հիմնադրուած ստորաբաժանումները (բաժիններ, գլխաւոր գիտական մասնաճիւղեր և ինստիտուտներ) պէտք է տարածել և առկայ ստորաբաժանումները պէտք է զարգացնել աղբիւրներու եւ կարողութիւններու տեսանկիւնէն:
4. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի կողմէ ուժի մէջ դրուած 1990 թ. Սեպտեմբերի 2-ին և
Թուրքիոյ կողմէն 1995 թ. հոկտեմբերին հաստատուած Մանկանց Իրաւունքներու Համաձայնագրութեան մայրենի լեզուի վերաբերեալ երեք յօդուածին վրայ Թուրքիոյ կողմէ դրուած վերապահումները պէտք է ջնջուին:
Լեզուական իրաւունքները մարդու իրաւունքներու անբաժան մասն են: Աշխարհի բոլոր լեզուներու մայրենի լեզուի օրը շնորհաւոր ըլլայ:
Ermenice Çeviri: Can Erzurumluoğlu (RT)